Տասը կույսերի հիշատակի ժամերգություն է կատարվել Անթիլիասի Մայրավանքում

ԵՐԵՎԱՆ, ԱՊՐԻԼԻ 15, 24News

dd


Տասը կույսերի հիշատակի ժամերգություն է կատարվել Անթիլիասի Մայրավանքում․
 
«Աւագ Երեքշաբթի, 15 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը 05։00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ տասը կոյսերու յիշատակի ժամերգութիւն, որ կ՚ընդգրկէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստեան խորհուրդը։ Արարողութեան մասնակցեցան Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի խումբ մը աշակերտներ։ Անոնք եկեղեցական շապիկ հագած ու լապտերներ բռնած՝ ներկայացուցին աւետարանական տասը կոյսերը։ Աւետարանի ընթերցումի պահուն, աշակերտները վիճակ քաշեցին. «իմաստուն»ները իրենց մոմերը վառած պահեցին, խորհրդանշելով Տէրը դիմաւորելու արթուն ու պատրաստ կեցած իմաստուն կոյսերը, իսկ «յիմար»ները՝ մարեցին, ներկայացնելով անտարբեր ու անպատրաստ կոյսերը։
 
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, կիրակնօրեայ վարժարանի տասը աշակերտները բարձրացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին մօտ, առաջնորդութեամբ ու գլխաւորութեամբ Մայր Տաճարի լուսարարապետ Հոգեշնորհ Տէր Օշին Վարդապետ Չուալերթանեանի։ Նորին Սրբութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց՝ տեսնելով, թէ ինչպէս յատկապէս Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանը հայ եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութիւնները նախանձախնդրութեամբ կը պահէ եւ զանոնք կը փոխանցէ մանուկներուն։ Այս առիթով ան իր հայրական օրհնութիւնը բաշխեց աշակերտներուն, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու ծնողներուն եւ յուշանուէրներ տուաւ փոքրիկներուն»։

--00—ՍՊ