Արամ Ա-ն անակնկալ այցելել է «Թռչնոց Բույն» որբանոց-վարժարան

ԵՐԵՎԱՆ, ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻ 19, 24News

նկար

Դեկտեմբերի 18-ին Արամ Ա Կաթողիկոսն այցելել է Լիբանանի «Թռչնոց Բույն» որբանոց-վարժարան: 

«Թռչնոց Բոյնի» մանուկներուն մեծ ուրախութիւն պատճառեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին անակնկալ այցելութիւնը։ Շուրջ ժամ մը Վեհափառ Հայրապետը «Թռչնոց Բոյնի» աշակերտներուն հետ եղաւ, իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց անոնց, ինչպէս նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց տնօրէն հայր սուրբին՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանին եւ պաշտօնէութեան։

նկար

Մեր ժողովուրդին համար սովորական որբանոց ըլլալէ անդին, «Թռչնոց Բոյնը» յատուկ նշանակութիւն ունեցող հաստատութիւն մըն է։ Մեր ժողովուրդի զաւակներուն հաւաքական յիշողութեան մէջ, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, խոր արմատներ նետած է «Թռչնոց Բոյն»ը, որովհետեւ հոն պատսպարուած են ցեղասպանութեան զոհ դարձած ընտանիքներու հազարաւոր որբերը։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու վեհափառ հայրապետները միշտ յատուկ հոգածութեան առարկան դարձուցած են «Թռչնոց Բոյնը»,- ասված է հաղորդագրության մեջ։

նկար

--00—ԼՄ