Հայաստանի կառավարությունը կարող է դարձյալ հայտնվել թուրքական կողմի լարած թակարդի մեջ. ՌԱԿ

ԵՐԵՎԱՆ, ՄԱՐՏԻ 31, 24News

քաղաքական

Ռամկավար ազատական կուսակցության գերագույն խորհուրդը հայտարարություն է տարածել.

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ՁԱԽՈՂ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ ԿՐՆԱՅ ՎՏԱՆԳՈՒԻԼ
ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԱՅՏԸՆԻ ԿՈՂՄԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ

Անցեալին հայ ժողովուրդը ականատեսն էր հանդիսացած դիւանագիտական վրիպումի մը եւ այսօր ազգովին կը գտնուի միեւնոյն վտանգին առջեւ:

Արդի պատմութեան մէջ ամերիկեան իշխանութիւնները երկու առիթներով մօտեցած էին ճանչնալու հայկական ցեղասպանութիւնը, սակայն Թուրքիոյ դիւանագիտական սադրանքները յաջողեցան ձախողցնել այդ ճանաչումը. առաջինը պատահեցաւ ֆութպոլի դիւանագիտական օրերուն, նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ նախագահ Ապտուլլա Կիւլի օրերուն, իսկ երկրորդը՝ 2009ի Ցիւրիխի մէջ փրոթոքոլներու ստորագրութեան առնչութեամբ, Ամերիկայի պետական քարտուղար Հիլլըրի Քլինթընի ներկայութեան:

Երկու առիթներով ալ թրքական իշխանութիւնները օգտագործեցին պատրուակը՝ յայտնելով որ կողմերը բանակցութեան մէջ են եւ երրորդ կողմի մը միջամտութիւնը կրնայ վտանգել գործընթացը:

Այսօր դարձեալ կը գտնուինք միեւնոյն կացութեան առջեւ ու վախն ունինք որ Հայաստանի իշխանութիւններու սխալ կողմնորոշումը առիթ կու տայ թրքական կողմին միեւնոյն վտանգաւոր դրութիւնը ստեղծելու: GZero կայքէջէն կը տեղեկանանք թէ Սպիտակ Տունը հաղորդած է Իան Պրեմմընին որ Պայտընի վարչակարգը պիտի ճանչնայ հայկական ցեղասպանութիւնը, ամերիկեան առաջին նախագահը որ պիտի ճանչնայ ցեղասպանութիւնը որ գործադրուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին:

Արդարեւ, յարգուած քաղաքական մեկնաբան Իան Պրեմմըր, Եուրէյժա Քընսըլթինկ խումբէն կը գրէ GZEROի Մարտ 22ի համարին մէջ.

«Մեծ լուրը այն է որ Էրտողան մօտ օրէն պիտի դիմագրաւէ ուրիշ դիւանագիտական մարտահրաւէր մը Միացեալ Նահանգներէն, թէ՝ նախագահ Պայտըն պիտի ճանչնայ 1915ի հաոց սպանդը, օսմանեան իշխանութեան օրով, իբրեւ «ցեղասպանութիւն»:
Ապա Պրեմմըր կ'անդրադառնայ այս նիւթի պատմութեան՝ Օպամայի իշխանութեան օրերուն:

Նախագահ Պայտընի ճանաչումը պիտի հանդիսանայ լրացումը 2019ին Ամերիկայի զոյգ օրէնսդիր մարմիններուն կողմէ մեծամասնութեան ձայնով որդեգրուած ճանաչման:

Սակայն, այս ճակատագրական հանգրուանին կը նշմարուի վարանում մը Հայաստանի կառավարութեան կողմէ. վարանում մը որ կրնայ համազօր ըլլալ դիւանագիտական ձախաւեր քայլի մը:

Համայն հայութիւնը այսօր կը գտնուի ահազանգի մէջ, մտահոգուելով որ Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ դարձեալ իյնալ Թուրքիոյ կողմէ լարուած թակարդին մէջ, կորսնցնելով պատմական թանկագին առիթ մը:

Արդարեւ, Մարտ 23ի հանրային հեռուստատեսութեան խօսնակ Պետրոս Ղազարեան հարցազրոյց մը ունեցաւ է Հայաստանի Ապահովութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ. Պր. Ղազարեանին ուղղակի հարցումին թէ Թուրքիան թշնամի պետութիւն կը ճանչցո՞ւի, Պր. Գրիգորեան պատասխանած է, «որ եթէ մենք գնում ենք տարածաշրջանի ապաշրջափակման, ապա մեր մօտեցումներում որոշակի շտկումներ պէտք է լինեն եւ անոնք այդ ուղղութեամբ աշխատում են»:

Շարունակելով հարցադրումը՝ «թէ Թուրքիան էլ թշնամի պետութիւն չի, Ա.Խ. քարտուղարն ասաց. «միանշանակ պնդել, թէ որեւիցէ վտանգ չի գալիս Թուրքիայից, սխալ կը լինի, բայց ընդհանուր տարածաշրջանում ընթացող գործողութիւնները այլ հնարաւորութիւններ են տալիս»:

Այս հաստատումները որոնք կը կատարուին ամէնէն պաշտօնական աղբիւրներու կողմէ ցնցած են Հայաստանի քաղաքական շրջանակները, եւ բազմաթիւ խումբեր ահազանգը հնչեցուցած են գործի անցնելու, խուսափելու համար վտանգէն:

Վերջերս «Ազգ»ի մէջ երեւցած լուր մը վրիպած էր քաղաքական շրջանակներու ուշադրութենէն. սակայն, այս վերջին զարգացումներու լոյսին տակ չափազանց նշանակալից կը դառնայ ան, ատիկա նախկին թրքահայ ֆրանսահպատակ Սամսոն Էօզարարտի այցելութիւնն էր Երեւան: Անցեալին ենթական հանդիսացած է պատգամներ փոխանցող ա, ամէն անգամ որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը նախաձեռնութիւններ վերցուցած է հաղորդակցելու Հայաստանի իշխանութեանց հետ:

Դժուար է գուշակել թէ ի՛նչ պատգամ փոխանցած է Պր. Էօզարարատ հայկական իշխանութեանց. սակայն, այս օրերուն անոր երեւումը Երեւանի մէջ բաւական է լուրջ պատճառ է մտահոգութեան, Հայաստանի եւ Սփիւռքի համար:

ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդը այսու կու գայ զգուշացնելու Հայաստանի իշխանութիւնները թէ աշխարհի համայն հայութիւնը ահազանգի մէջ է խուսափելու համար պատմակշիռ ծանր վտանգէ մը:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Պոստոն
Մարտ 30, 2021

--0--ԿԿ