Թեհլիրյանը զգետնեց Ցեղասպանության գլխավոր պատասխանատուին և անմահացավ ազգային հիշողության մեջ

23/05/2025 23:48 Ներքին կյանք

1960 թվականի այս օրը իր մահկանացուն կնքեց հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, հայ վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրյանը․

«23 մայիսին մահուան 65-ամեակն է հայկական վրիժառութեան սրբալոյս դէմքին` Սողոմոն Թեհլիրեանի: Հայոց պատմութեան մէջ գլխագիրով դրոշմուած է անունը Սողոմոն Թեհլիրեանի, որ 15 մարտ 1921-ին Պերլինի Չարլոթընպըրկ թաղին մէջ ցերեկով զգետնեց հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրուած Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուն` Թալէաթ փաշան, այդպիսով ալ անմահանալով մեր ազգային յիշողութեան մէջ:

17 մարտ 2002-ին Քալիֆորնիոյ մէջ, Ֆրեզնօ,

Քեսապի Գարատուրան գիւղի հարազատ զաւակ, ազգային-հասարակական գործիչ, հրապարակախօս եւ գիրքերու հեղինակ Յակոբ Կ. Մանճիկեան հետեւեալ սրտի խօսքը արտասանած է Սողոմոն Թեհլիրեանի վերանորոգուած գերեզմանի բարեկարգման առիթով:

Օրին Աւետիս Գրիգորեան այս առիթով զրուցած է հանգուցեալ Յակոբ Կ. Մանճիկեանին հետ, երախտագիտութիւն իրեն` արձանագրութիւնը երկար տարիներ բծախնդրօրէն պահած է, եւ խորին շնորհակալութիւն, որ զայն սրտբաց կերպով տրամադրեց ինծի` զայն հրապարակելու համար: Նկատի ունենալով, որ 23 մայիսը համայն հայութեան արդարահատոյց Սողոմոն Թեհլիրեանի մահուան 65-ամեակն է, դիպուկ նկատեցինք ցարդ նեղ շրջանակի մէջ մնացած այս ձայնագրութիւնը յանձնել «Ազդակ»-ին` նկատի ունենալով անոր արժէքն ու նոր սերունդներուն փոխանցելիք պատգամը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ձայնագրութեան արտագրումը` կարելի եղածին չափ պահելով հարազատութիւնը:

ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ֆրեզնոն ինծի համար շատ հարազատ տեղ մըն է: Տարիքի բերումով եւ այլ զբաղմունքներու պատճառով, վերջերս, վերջին տարիներուն, իմ այցելութիւնները շատ նուազած են: Երբ որ կ՛անցնիմ Ֆրեզնոյի շրջակայ գիւղաքաղաքներէն, կը յուզուիմ, որովհետեւ այդ գիւղաքաղաքներուն մէջ ունէինք այնքան սիրելի ընկերներ, որոնք մեր հայրենիքը կը մարմնաւորէին: Ֆրեզնոն Հայաստանի խճանկարն էր Ամերիկայի մէջ, բոլոր գաւառներէն` իրենց աւանդութիւններով, իրենց սովորութիւններով, մանաւանդ` իրենց հիւրասիրութեամբ: Ինծի համար շա՛տ սիրելի վայր մըն էր, հիմա ալ է: Բայց այս անգամ այս առիթով քիչ մը յուզումով եկայ հոս, որովհետեւ ընկ. Թեհլիրեանը յիշեցինք, յուզուեցանք, բայց նաեւ ներշնչուեցանք, որովհետեւ տասը դարը անգամ մը Սողոմոն Թեհլիրեանի պէս հայ մը կը ծնի, ես քիչ առաջ իր շիրիմին մօտ ըսի, որ իր մեծութեան գաղտնիքը իր խոնարհութեան մէջ էր»:

Ավելին՝ սկզբնաղբյուրում։