Հայ ժողովուրդը գտնվում է ծանր փորձության առաջ՝ Արցախի ցեղասպանություն, գերիներ,մշակութային ոչնչացում

11/06/2025 23:53 Քաղաքական

Տորոնտոյում տեղի է ունեցել Կանադայի Հայ Դատի նվիրահավաքը․

««Միասին Հայ Դատին համար…»

Ահաւասիկ այս կարգախօսն էր որ համախմբած էր թորոնթոհայ գաղութին նուիրեալ ընկերներ եւ բարերար համակիրներ Թորոնթոյի հայ կեդրոնի սրահէն ներս, Ուրբաթ, 6 Յունիս 2025ին, երեկոյեան ժամը 8։30ին, ներկայութեամբ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտըմեանի, հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհն. Միքայէլեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Ռաֆֆի Տօնապետեանի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի, Գանատայի Հայ Դատի շրջանային յանձնախումբի ատենապետ Շահէն Միրաքեանի, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Գառնիկ Հասըրճեանի, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանի, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի յարակից եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ համակիրներու։

Էլիզապէթ Գատահարեանի բացման խօսքով սկիզբ առաւ հանգանակային ընդունելութիւնը։ Ան ՀՅԴ Գանատայի Կ. Կոմիտէի, Շրջանային Հայ դատի յանձնախումբի անունով շնորհակալական խօսք ուղղեց ներկաներուն իրենց սրտաբուխ նուիրատութեան եւ անվերապահ աջակցութեան համար։ Ան նշեց ըսելով. «Այսօր, հայ ժողովուրդը կը գտնուի ծանր փորձառութեան մը դիմաց. Արցախի ցեղասպանութեան, ատրպէյճանական յարձակումներու, գերիներու ապօրինի կալանաւորման եւ հայկական հոգեւոր ժառանգութեան ոչնչացման ի տես՝ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը ձեռնածալ չի մնար, անոր գործունէութիւնը շարունակէ ծաւալիլ՝ քաղաքական, դիւանագիտական, եւ հանրային բեմերուն վրայ՝ բարձրաձայնելով մեր ազգային պահանջքները, բացայայտելով ճշմարտութիւնը եւ պաշտպանելով հայ ժողովուրդի դարաւոր իրաւունքները։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Կ. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանը։ Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակին մասին, որ երկու տասնամեակէ ի վեր քաղաքական նպատասլաց աշխատանք կը տանի։ Տիմիթեան նշեց ըսելով . «Ձեր աջակցութեամբ Հայ Դատի սեփականութիւնը հանդիսացող Օթթաուայի շէնքը դարձաւ իրականութիւն, որ այժմ կը գոհացնէ Օթթաուայի մէջ մեր ընթացիկ գործունէութեան կարիքները»։ Տիմիթեան նշեց, թէ հանգանակային այս հաւաքին նիւթական օժանդակութիւնը պիտի յատկացուի Օթթաուայի մէջ Internship ծրագիրի, նաեւ տեղւոյն մայրաքաղաքի գրասենեակի երկարամեայ տնօրէն՝ ընկ. Ռուբէն Գույումճեանի անուան կրթաթոշակի հաստատման, Հայ Դատի նոր առցանց «Action Platform»-ի մը ստեղծման, որուն միջոցաւ հրատապ հարցերու շուրջ գանատահայութիւնը պիտի կարողանայ աւելի հեշտութեամբ կապ հաստատել իր խորհրդարանական եւ կառավարական ներկայացուցիչներուն հետ՝ ելեկտրոնային նամակներու կամ հեռաձայնի միջոցաւ։ Տիմիթեան շնորհակալութիւն յայատնեց նուիրատուներուն, որոնց աջակցութեամբ Հայ Դատի աշխատանքները ունեցան եւ պիտի շարունակեն ունենալ իրենց լայնածաւալ տարածքը։

Բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՅԴ բիւրոյի անդամ Ռաֆֆի Տօնապետեանը, որ փոխանցեց Բիւրոյի խօսքը եւ ներկայացուց Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի գործունէութիւնը։ Տօնապետեան յայտնեց. «Այս դժուարին օրերուն, աշխարհացրիւ Հայ Դատի գրասենեակները, յամառօրէն կ’աշխատին Հայ Դատի աշխատանքներու թափ տալու ուղղութեամբ. նոյնիսկ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովէն բխած ծրագիր կայ, որ Հարաւային Ամերիկայի մէջ Հայ Դատը ունենայ գրասենեակ մը, որպէսզի տարածաշրջանի սպանախօս պետութեանց մօտ Հայ դատը եւս ամրագրուի»։ Տօնապետեան գնահատեց Գանատայի շրջանի վերջին տասնամեակներուն Հայ Դատի ծաւալած գործունէութինը, շնոչհիւ կամաւորներուն եւ նուիրատուներուն։ Տօնապետեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Հայ Դատի աշխատանքը ոչ միայն Եղեռնի ճանաչում է այլեւ`հայապահպանման աշխատանքներով վիթխարի փորձ է համայնքը ծաղկուն եւ բարգաւաճ վիճակին մէջ պահելու»։ Ապա հանդէս եկաւ ՀՅԴ Գանատայի Շրջանային Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ՝ ընկ. Շահէն Միրաքեանը։ Ան անդրադարձաւ շարք մը մատահրաւէրներու մասին, որոնց դիմաց կանգնած է Գանատայի Շրջանային Հայ Դատի յանձնախումբը։ Ան, նախ անդրադարձաւ Գանատայի դաշնակցային ընտրութեան, ուր նորակազմ կառավարութիւնն ու վարչապետը տակաւին մօտէծանօթ չեն գանատահայերու հիմնահարցերուն։ Այս մարտահրաւէրը դիւրութեամբ կարելի է լուծել, սակայն ծրագրուած եւ քաղաքական պաշտօնատարներու հետ գործնական կապեր հաստատելու եւ համագործակութեան ամրապնդման կարիքը ունի։ Ան բացատրեց նաեւ, որ երբ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքով եւ ռազմագերիներու հարցով գանատական կառավարութեան կ՚առաջարկէ իր քաղաքական ազդեցութեան լծակները օգտագործել ատրպէյճանի դէմ, Հայաստանի գործող վարչախումբը այս բոլորը կ՚անտեսէ եւ գործնական քայլեր չի նախաձեռներ։ Ան հաստատեց, որ այս կացութիւնը լուրջ դժուարութիւններ կը յարուցէ յանձնախումբին։ Ան յայտնեց, որ Հայ Դատի համակիրներու կուռ շարքերու աջակցութեան շնորհիւ, յանձնախումբը պիտի ընդլայնէ քաղաքական գործունէութեան իր ծիրը։

Հանդիսութեան ընթացքին, ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը անգլերէն լեզուով, որ կը բովադակէր, ՀՅԴ Գանատայի Շրջանային Հայ Դատի Յանձնախումբի ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի Հայ Դատի տեղական յանձնախումբի լայնածաւալ եւ բեղուն գործունէութիւններու տեղեկագիրն ու արխիւային լուսանկարները։

Հանդիսավարի եզրափակիչ խօսքով վերջ գտաւ հանգանակային ընդունելութեան ձեռնարկը, ուր ան ըսաւ «Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքն ու անոնց նկատմամբ ձեր ցուցաբերած օժանդակութիւնը ինքնանպատակ չեն եւ երբեք չեն եղած։ Անոնք մեր հաւաքական կամքի, մարտունակ ոգիի եւ վճռակամ աշխատանքի դրսեւորումներն են, որոնք պիտի իմաստաւորեն այսօրուան աշխատանքը եւ պիտի ջամբեն Հայ Դատի վաղուան զինուորագրեալները»»։

–00—ՍՊ