Արամ Ա-ն խոսել է Հայոց Ցեղասպանության և Թուրքիայի ժխտողական քաղաքականության մասին
ԵՐԵՎԱՆ, ՄԱՅԻՍԻ 1, 24News

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Հռոմ իր կարճ կեցութեան ընթացքին, ուր մեկնած էր ներկայ գտնուելու Ֆրանսիս Պապի յուղարկաւորութեան, իտալական լրատուամիջոցներու հետ երկու կարեւոր հարցազրոյցներ ունեցաւ։
Առաջին հարցազրոյցը ունեցաւ Իլ Ժիորնալէ (il Giornale) օրաթերթին հետ, որ Իտալիոյ ամենատարածուն ու յարգուած թերթերէն մէկն է. իսկ երկրորդ հարցազրոյցը՝ Միտիասէթ հեռուստաընկերութեան Նիքոլա Փորրօ հանրածանօթ լրագրողին հետ, որ նոյնպէս մեծ ժողովրդականութիւն ունեցող հեռատեսիլային ծրագիր է ու լրագրող։
Երկու հարցազրոյցներու ընթացքին արծարծուեցան հետեւեալ հարցերը.- Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը, Արցախ եւ Ազրպէյճան, Ֆրանսիս Պապի կարեւոր իրագործումները, նոր պապի ընտրութիւնը, եկեղեցին ներկայ աշխարհին մէջ։
Նշենք, որ վերոյիշեալ հարցազրոյցներու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին ընկերացան Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի տնօրէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ ազգային բարերար Ալեքքօ Պէզիքեան։
Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը ապա մեկնեցաւ Զուիցերիա, ուր խորհրդակցական հանդիպում ունեցաւ Կաթողիկոսարանի մէջ իրագործուելիք Պէզիքեան Կեդրոնի բարերարներ Ալեքքօ եւ Զարեհ Պէզիքեաններու հետ։
–00—ՅՄ