Հայ կնոջ առջեւ մեր կեանքէն ներս փակ դռներ, անմերձենալի պաշտօններ գոյութիւն պէտք չէ ունենան

ԵՐԵՎԱՆ, ՄԱՐՏԻ 8, 24News

արամ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հայրապետական յատուկ գիրով 2010 տարին հռչակած էր «Հայ Կնոջ Տարի»։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր կեանքէն ներս հայ կնոջ, անոր դերակատարութեան ու սրբազան առաքելութեան առնչուած Վեհափառ Հայրապետին հռչակագրէն քաղուած մտածումներ.

• Հայ կինը որպէս մայր եզակի կարեւորութիւն ունեցած է հայ ժողովուրդի մտածողութեան ու կեանքին մէջ։

• Դաստիարակութիւնը հայ կնոջ կոչումին ա՛յլապէս կենսական տարածքներէն մէկը եղած է։

• Հայ կինը նաեւ իր մասնակցութիւնը բերած է հայ ժողովուրդի կեանքի քաղաքական-հասարակական մարզին։

• Հայ կինը որպէս մշակութային արժէքներու ջատագով միշտ մնացած է լուսարձակի տակ մեր ողջ պատմութեան ընթացքին։

• Քրիստոնէական հաւատքով շաղախուած ու ազգային ոգիով հզօրացած հայ կինը դարձած է, իր քաջամարտիկ ամուսնոյն, եղբօր կամ հօր կողքին, հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի անվեհեր զինուորը։

• Ընկերային ծառայութեան դաշտին մէջ հայ կնոջ դերը միշտ եղած է առանցքային։

• Հայ կինը մեր կեանքէն ներս պէտք է մնայ բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներու ճառագայթող ներկայութիւն։

• Մայրութիւնը ո՛չ միայն մաս կը կազմէ կնոջ կազմախօսական դրութեան, այլ Աստուծոյ կողմէ տրուած նուիրական կոչում մըն է։ Հետեւաբար, պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ պէտք է կինը մօտենայ իր մայրական առաքելութեան։

• Յարգելով հանդերձ այր եւ կնոջ միջեւ գոյութիւն ունեցող կազմախօսական դրութեան, նկարագրային նախասիրութիւններուն, ինչպէս նաեւ ընկերամշակութային միջավայրին հետ աղերս ունեցող տարբերութիւնները, «չիք խտիր»ի քրիստոնէական սկզբունքը պէտք է տառացիօրէն գործադրուի մեր կեանքէն ներս։

• Հայ կնոջ առջեւ մեր կեանքէն ներս փակ դռներ, անմերձենալի պաշտօններ գոյութիւն պէտք չէ ունենան։

--00--ԱՀ