Ի՞նչ արժեք ունի ասելը, թե մենք առաջին քրիստոնյաներն ենք, եթե չենք կատարում Քրիստոսի պատգամը
ԵՐԵՎԱՆ, ԱՊՐԻԼԻ 20, 24News
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա-ն Հիսուս Քրիոստոսի Հրաշափառ Հարության տոնի առիթով Հայրապետական Զատկական պատգամով է հանդես եկել։ Պատգամում, մասնավորապես, ասվում է․
«Մեր եկեղեցին պարզ, բայց խորունկ բացատրութեամբ կը բնորոշէ Քրիստոսի յարութիւնը, որպէս մահուամբ մահը յաղթող աստուածային միջամտութիւն: Արդարեւ, Աստուած, որպէս կեանքի ու ստեղծագործութեան աղբիւր, կեանք տուած էր մարդուն, որպէսզի զայն ապրի ու իրագործէ սրբազան նպատակի մը համար. եւ այդ նպատակը՝ իբրեւ Աստուծոյ գործակից մասնակցութիւնն է աստուածային թագաւորութեան հաստատման: Այսպէս կը վկայէ Աստուածաշունչը։ Սակայն, մարդը հաւատարիմ չէր գտնուած իր աստուածատուր կոչումին եւ իր կեանքը ապականած էր մեղքով ու չար գործերով: Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան նպատակը մարդուն ազատագրումն էր չարի ու մեղքի իշխանութենէն: Մահը հոմանիշ է Աստուծոյ բացակայութեան. այլ խօսքով՝ մեղքի ու չարի: Քրիստոսի առաքելութեան նպատակը մարդու փրկութիւնն էր՝ քանդելով չարի ու մեղքի տիրապետութիւնը: Այս առաքելութիւնը Քրիստոս կատարեց խաչի զօրութեամբ. մահուան դէմ Իր իրագործած յաղթանակով: Քրիստոս աշխարհ եկած էր կեանք տալու մարդուն. Աստուծոյ ներկայութեամբ շաղախուած կեանք: Քրիստոսի յարութիւնը Աստուծոյ կողմէ տրուած կեանքին վերականգնումն է. ինչպէս մեր եկեղեցւոյ շարականը կ’ըսէ՝ Քրիստոս մահը մահով յաղթելով յարութիւն, այլ խօսքով կեանք պարգեւեց մարդուն»:
–00—ԱՊ