Տագնապներով ու հակասություններով աշխարհում կրոնը չի կարող մնալ անտարբեր․ Արամ Ա Վեհափառ
18/09/2025 19:20
Ներքին կյանք
ԵՐԵՎԱՆ, ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ 18, 24News

Միջկրոնական երկխոսությունը անհրաժեշտ է վերածել գործակցության։ Այդ մասին հայտարարել է Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը, փոխանցում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսությունից։
Ղազախիստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի ունեցող միջ-կրօնական գագաթնաժողովի բացման նիստին խօսք առնելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, նախ ողջունեց երկիրի նախագահին ու պետութեան ճիգը կրօններու միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու, եւ ներկայ գագաթնաժողովի մասնակից աշխարհի բոլոր կրօններու հոգեւոր պետերն ու անոնց ներկայացուցիչները: Ապա, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ միջ-կրօնական երկխօսութեան ու անոր յատուկ կարեւորութեան՝ տագնապներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ: Ան շեշտեց, որ երկխօսութեան օրակարգը պէտք է համապատասխանէ ներկայ աշխարհի պայմաններուն, միաժամանակ երկխօսութիւնը պէտք է կարելիութիւն ընծայէ զիրար ճանչնալու ու յարգելու՝ հեռու մնալով միակողմանի տեսակէտեր ու կենցաղակերպեր պարտադրելու մօտեցումներէ:
Երկխօսութեան մասին իր կատարած ընդհանուր անդրադարձէն ետք, Նորին Սուրբ Օծութիւնը շեշտեց միջ-կրօնական յարաբերութիւնը գործակցութեան վերածելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրէն ներս Արամ Ա. Կաթողիկոս գագաթնաժողովին ուշադրութիւնը հրաւիրեց գործակցութեան չորս բնագաւառներու.-
ա) Փոխադարձ յարգանքի ու հասկացողութեան վրայ հիմնուած խաղաղ գոյակցութիւնը էական է բազմամշակոյթ, բազմակրօն ու բազմացեղ ներկայ ընկերութիւններու կեանքին մէջ: Անհանդուրժողութիւնն ու բռնութիւնը հեռու պէտք է մնան ընկերութիւններու կեանքէն: Այս ուղղութեամբ, պետական կառոյցներու առընթեր, կրօններու դերը կենսական է:
բ) Ահաւոր տագնապներով, հակասութիւններով ու լարուածութիւններով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ, ուր յաճախ իրաւունքն ու արդարութիւնը զոհ կը դառնան բռնատիրական կառոյցներու, կրօնները չեն կրնար մնալ անտարբեր: Անոնք կոչուած են կամուրջի ու հաշտարարի դեր կատարելու:
գ) Կրօնները կրնան տագնապներու գծով նախազգուշական դեր կատարել, քան՝ տագնապներու լուծման: Հետեւաբար, առանց նոյնանալու քաղաքական օրակարգերու եւ գաղափարախօսական հոսանքներու հետ, կրօնները կոչուած են ազդու միջոցներու դիմելու՝ առաջքը առնելու անարդարութեան, բռնութեան ու մարդկային իրաւանց բռնաբարման:
դ) Կրօնները կրնան կարեւոր դեր ունենալ նաեւ կենսոլորտային հարցերու գծով, որոնք փաստօրէն դարձած են ժողովուրդին ամէնօրեայ կեանքը յուզող տագնապներ: Յիշեալ հարցերու գծով կրօններուն մօտեցումը պէտք է հիմնուած ըլլայ իրենց բարոյական ու աստուածաբանական ուսուցումներուն վրայ, ուր կարեւորութեամբ շեշտուած է կենսոլորտը մաքուր պահելու հրամայականը:
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը եզրակացնելով՝ ըսաւ, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ կրօններու միջեւ հաւատալիքներու եւ ուսուցումներու տարբերութիւններ գոյութիւն ունին, սակայն մարդկային կեանքին առնչուած հիմնական հարցերու գծով կրօնները հասարակաց արժէքներ ու տեսակէտեր ունին, որոնք պէտք է կազմեն հիմքը միջ-կրօնական գործակցութեան:
—00—ՍՊ