ՀՅԴ-ականների հետ հանդիպմանը Արամ Ա-ն կարևորել է համազգային արժեքների շուրջ համախմբվելու հրամայականը

28/07/2025 21:20 Ներքին կյանք

Այսօր Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Բիւրոյի Միջին Արեւելքի հարցերու պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում կատարելու յատկապէս Հայաստանը դիմագրաւող ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն։

Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ համազգային արժէքներու շուրջ համախմբուելու հրամայականը` տագնապներով լեցուն մեր ազգին ու Հայրենիքին պատմութեան ներկայ հանգրուանին։

–00—ՅՄ