Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնությունն է տվել երիտասարդներին

17/07/2025 22:38 Ներքին կյանք
Հ․Մ․Ը․Մ․-ի՝ ավելի քան 600 սկաուտներ այցելել են Արամ Ա վեհափառ Հայրապետին․Այսօր՝ Հինգշաբթի, 17 Յուլիս 2025-ի յետմիջօրէին, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) աւելի քան 600 սկաուտներ, արծուիկներ ու արենուշներ այցելեցին Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանք եւ ստացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։

Յիշեալ այցելութիւնը, որ կը միտէր Վեհափառ Կաթողիկոսին այցելելու ու ստանալ անոր օրհնութիւնը, մաս կը կազմէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպած միջ-ցամաքամասային բանակումի ծրագիրին: Հ.Մ.Ը.Մ.ի անունով խօսք առնելով ընդհանուր խմբապետ Ալիք Տէր Պետրոսեան Մելքոնեան՝ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց բանակումին ծրագիրին ու նպատակին մասին ամփոփ տեղեկութիւններ։ Իր խօսքի աւարտին, ան իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայրապետին՝ հիւրընկալութեան համար եւ սկաուտական փողկապ մը յանձնեց անոր՝ իբրեւ խորհրդանշական յիշատակի նուէր։

Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնն ու բարձր գնահատանքը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին: Ան ըսաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը սոսկ մարմնակրթական կառոյց չէ եղած, այլ բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքները նոր սերունդներուն փոխանցող դպրոց: Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց, որ նոր սերունդի պատկանող մեր զաւակները յաճախեն հայ դպրոց ու մասնակից դառնան մեր բոլոր միութիւններու ու կազմակերպութիւններու կեանքին, որպէսզի կարենան իրենց հայութիւնը ապրիլ ու ապրեցնել մեր հաւաքական կեանքին մէջ:

–00—ՍՊ