Պետք է համախմբվել Ցեղասպանության հարցի՝ համազգային օրակարգի շուրջ․ Արամ Ա Վեհափառ

Կիլիկիայի վերլուծական հարթակի նիստում քննարկվել են Ցեղասպանության 110-րդ տարելիցին առնչվող հայտարարություններն ու աշխատանքները․

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի հերթական առցանց նիստը գումարուեցաւ Կիրակի, 11 Մայիս 2025-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ։

Օրակարգի կէտերուն ներառուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի առիթով հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ հնչած պետական-պաշտօնական յայտարարութիւնները եւ ընդհանրապէս այդ առիթով տեղի ունեցած ոգեկոչական ձեռնարկներն ու ուղերձները։

Նիստի ընթացքին ժողովականները հաստատեցին, որ Երեւանէն հնչած պետական յայտարարութինները ետդարձ կատարած էին Համահայկական հռչակագիրի բանաձեւած կէտերէն, շրջանցած էին Արցախի մէջ իրականացուած ցեղային զտումի գործողութիւնները եւ ընդհանրապէս օսմանեան կայսրութեան ու Ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղասպանութիւններու թեմաները շրջանցուած էին ու դուրս մղուած հատուցման պահանջները։ Նկատելի էր պետական ուղերձներուն մէջ Ցեղասպանութեան խնդրին ներհայաստանեան սահմանում տալու քաղաքականութիւնը։

Այս առումով նիստը ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետի պատգամին համահայկականութիւնը, շարունակուող ցեղասպանութեան փաստերը, համազգային օրակարգերու շուրջ համախմբուելու հրամայականը եւ պահանջատիրական երթը հայրենիք-Սփիւռք միացեալ աշխատանքներուն մէջ անշրջանցելի առաջադրանք պահելու անհրաժեշտութիւնը։

Ազրպէճյանի քարոզչական-քաղաքական աշխատանքներուն մէջ, Վատիկանի Գրիգորեան համալսրանին մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովը լուսարձակի տակ առնելով, Հայաստանի եւ Սփիւռքի փորձագէտները քննեցին Պաքուի որդեգրած ռազմավարութիւնը՝ քրիստոնէական կեդրոններ շահագործելով Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութենէն հայկական հետքերն ու պատկանելիութիւնը ջնջելու ուղղութեամբ։

Դիտարժան նկատուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ունեցած հանդիպումներն ու բազմամիլիոն լսարաններ ունեցող իտալական նշանաւոր զանգուածային լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցները, որոնց բովանդակութեան առանցք էին շարունակուող ցեղասպանութիւնները՝ օսմանեան կայսրութենէն մինչեւ Պաքուի ներկայ իշխանութիւնները։ Այս իրազեկումները կ՚ընկալուին Վատիկանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանութեան նախաձեռնած համագումարին պատասխան, որ իր շարունակութիւնը պիտի ունենայ անպայման։

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակը իր նիստին անդրադարձաւ նաեւ 27-28 Մայիս 2025-ին Պեռնի մէջ տեղի ունենալիք Արցախի հոգեւոր-մշակութային վտանգուած ժառանգութեան պահպանման թեման ունեցող համագումարին, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի մասնակիցի յատուկ պատուիրակութեամբ։

Յայտնեք, որ հրատարակութեան յանձնուած, Անթիլիասի մէջ կայացած Արցախի ցեղասպանութեան տարբեր ծալքերը ներկայացուցած գիտաժողովի նիւթերու հաւաքածոն շուտով լոյսին կու գայ։ Հատորին ներառուած են բազմաոլորտ ուղղութիւններով գիտաքաղաքական նիւթեր, որոնք կրնան հիմք ծառայել այսօրուան համահայկական օրակարգերու մշակման եւ անոնց ընդառաջ աշխատանքներ ծաւալելու առաջադրանքին»,- նշվում է հաղորդագրության մեջ։

–00—ՍՊ