Արամ Ա Վեհափառը աղոթք է բարձրացրել առ Աստված, որ հոգեպես ու ֆիզիկապես զորացնի նորընտիր Հռոմի պապին
ԵՐԵՎԱՆ, ՄԱՅԻՍԻ 10, 24News

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը շնորհավորել է Հռոմի Պապ Լեո XIV-ին․
«Շաբաթ, 10 Մայիս 2025-ին, կաթոլիկ եկեղեցւոյ նորընտիր սրբազան քահանայապետ Ն.Ս. Լեւոն ԺԵ. Պապին ուղղած նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, հոգեւորականաց դասուն եւ ժողովուրդին, ջերմօրէն շնորհաւորեց զինք՝ մաղթելով, որ իր ընտրութեամբ նոր ու փայլուն էջ մը կը բացուի կաթոլիկ եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ։
Անդրադառնալով ներկայ աշխարհը դիմագրաւող տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն եւ անոնց հետեւանքներուն եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան, Հայրապետը շեշտեց եկեղեցւոյ առաքելութեան ու աւետարանչութեան նոր շեշտ տալու հրամայականը եւ այս ծիրէն ներս նորընտիր Պապին կարեւոր դերը՝ իր ունեցած տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ։
Այս առիթով Նորին Սուրբ Օծութիւնը յիշեցուց, թէ երկար դարերու վրայ տարածուած յատուկ յարաբերութիւն գոյութիւն ունեցած է, Կիլիկեան շրջանէն սկսեալ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի միջեւ, որ յատկապէս վերջին տասնամեակներուն գործնապէս արտայայտուած է միջ-եկեղեցական սերտ գործակցութեամբ ու աստուածաբանական երկխօսութեամբ։
Իր նամակի աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ հոգեպէս ու ֆիզիքապէս զօրացնէ նորընտիր Պապը՝ անոր ստանձնած ծանր ու պատասխանատու նոր առաքելութեան մէջ»,- նշվում է հաղորդագրության մեջ։
–00–ՍՊ