Հայոց ցեղասպանության ժխտման դեմ պետք է ներկայացվի ճշմարտությունը

Կիրակի, Ապրիլ 27-ին, «Թայմզ» հրապարակին վրայ կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման հաւաքին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Գեւ Իսքէճեան յայտարարեց, որ այսօր հայ ժողովուրդը սուգի մէջ չէ, այլ կ՛ըսէ, որ Հայաստանի հանրապետութեան ծաղկումը մեզմէ կախեալ է։ Ան շեշտեց, որ սին խոստումները չեն կրնար հատուցել հայ ժողովուրդին կրած վնասները։

Իսքէճեան կենսական համարեց հայութեան միութիւնը եւ տոկունութիւնը, որոնք կ՛երաշխաւորեն իր ապագան՝ իսկական միասնականութեան կոչ ուղղելով ամբողջ հայութեան։ «Այսօր համախմբուած ենք իսկական սկզբունքներու շուրջ, ինչպէս Արցախցիներուն տունդարձին իրաւունքին, գերիներու ազատ արձակման պահանջին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման, ճանաչման եւ դատապարտման շուրջ», ըսաւ ան։

Ան շեշտեց, որ պիտի գործեն հաստատակամօրէն՝ դէմ դնելով բոլոր խոչընդոտներուն, յայտարարելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման դէմ պիտի ներկայացնեն ճշմարտութիւնը։ «Պահանջատիրութիւնը կանգ պիտի չառնէ, մինչեւ արդարութեան հաստատումը», շեշտեց ան։

Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան, բացման աղօթքը կատարեց եւ իր պատգամը տուաւ այս ձեռնարկին, զոր կազմակերպած էին Վարդանանց Ասպետներն ու Վարդանանց Դուստրերը, հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն մասնակցութեամբ։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յիշեցուց թէ 1890-ական թուականներուն սկսած վայրագութիւնները շարունակուած են 1915-1922-ին մինչեւ մեր օրերը. «Մարդու անմարդկայնութիւնը մարդկութեան հանդէպ փաստօրէն դարձած է աւելի կատաղի, աւելի բիրտ եւ աւելի սոսկալի, քան երբեւէ կարելի էր երեւակայել»։

Թուարկելէ ետք անցեալ դարու վերջաւորութեան գործադրուած ցեղասպանական արարքները հայութեան դէմ՝ Սումկայթի, Կիրովապատի, Պաքուի եւ Մարաղայի ջարդերէն մինչեւ Ատրպէյճանի հայութեան տեղահանումը, Նախիջեւանի մշակութային եղեռնէն մինչեւ արցախահայութեան բռնի վտարումը, Սրբազան Հայրը աւելցուց, թէ այդ արարքներու պատասխանատու Ատրպէյճանը, որ հազիւ թէ դար մը առաջ արուեստականօրէն ստեղծուած է, այսօր կը համարձակի ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կոչել։

Թուրքիա ու Ատրպէյճան անպատժելիութեան սերունդն են, յաջորդաբար ծնան ըլլալով անպատիժ մնացած Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ 1918-ի Պաքուի հայերու ջարդէն. «Գլխիվայր շրջուած այս աշխարհին մէջ, ամէն ինչ որ ուղղամիտ մարդիկ սխալ կը նկատեն դրուատիքի կ՚արժանանայ Անգարայի եւ Պաքուի ամենամութ անկիւններուն մէջ, ըլլայ մարդասպանութիւն, քանդում կամ աւարառութիւն»։

Կոչ ուղղելով Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններուն ու քաղաքացիներուն ստանձնելու իրենց նախնիներուն պատասխանատուութիւները, Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ ատիկա ճամբայ պիտի հարթէ դէպի արդարութիւն ու խաղաղութիւն։ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը ինքնանպատակ չէ, այլ կը նպաստէ այսօրուան անարդարութիւններու դիմակայութեան եւ կ՚օգնէ կանխել ապագայ ցեղասպանութիւններ.

«Թող Հայոց Ցեղասպանութեան յանցագործները գիտնան, թէ պիտի քալենք Քալիֆորնիայէն մինչեւ Նիւ Եորք եւ Երեւանէն մինչեւ Աւստրալիա, հակառակ բոլոր ժխտումներուն, խեղաթիւրումներուն եւ ճնշումներուն, որովհետեւ մեր հսաւստքն ու յոյսը աւելի բարձր են քան լեռները եւ աւելի խոր, քան ովկիանոսները, իսկ մեր յարատեւութիւնը՝ աւելի զօրաւոր, քան լեռները», եզրակացուց Առաջնորդը։

Ավելին՝ հղմամբ։

–00—ՍՊ