Սերը պետք է դառնա մեր կյանքի առանցքը․ Անթիլիասի Մայրավանքում կատարվել է Ոտնլվայի կարգը
17/04/2025
Չդասակարգված
ԵՐԵՎԱՆ, ԱՊՐԻԼԻ 17, 24News
Անթիլիասի Մայրավանքում կատարվել է Ոտնլվայի կարգը․
«Աւագ Հինգշաբթի օրը, Քրիստոս առաքեալներուն հետ վերնատան մէջ ունեցաւ Իր վերջին ընթրիքը, որուն ընթացքին լուաց անոնց ոտքերը եւ հաստատեց Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը։ Առ այդ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Աւագ Հինգշաբթի, 17 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը 04։00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, կը կատարուի սիրոյ ու խոնարհութեան պատուիրանին ծիսակատարութիւնը՝ Ոտնլուայի կարգը, ուր շարականագիրը կը վկայէ. «այսօր, աստուածային մարդասիրութեամբ խոնարհեցար Քու առաքեալներուդ ծունկերուն, լուացիր անոնց հողեղէն ոտքերը եւ բարի ու գեղեցիկ օրինակը աւանդեցիր մեզի»։ Ոտնլուայի արարողութիւնը այսօրուան մեր կեանքին մէջ կը վերակենդանացնէ Յիսուս Քրիստոսի՝ առաքեալներուն ոտքերը լուալու արարքը։ Հաւատացեալներ կը լսեն վերոնշեալ պատգամները փոխանցող հայ եկեղեցւոյ հոգեթով շարականները, աղօթքներն ու աւետարանական ընթերցումները եւ կ՚աղօթեն առ բարձրեալն Աստուած. «զգեցո՛ւր մեզի, Տէ՛ր, Քու ճշմարիտ խոնարհութիւնդ, հեզութիւնդ, քաղցրութիւնդ եւ օրէնքներու կատարելութիւնը՝ սէրդ, որ ցուցաբերեցիր եւ սորվեցուցիր Քու մաքրափայլ աշակերտներուդ, որպէսզի մենք ալ Քու փրկաւէտ չարչարանքներուդ յիշատակը կատարելով՝ առաքեալներու սուրբ դասին հետ արժանի ըլլանք Քու լուսափայլ յարութիւնդ տօնելու եւ անոնց հետ խոստովանելու քեզ՝ Քրիստոս՝ մեր Աստուածը…»։
Մայր Տաճարին մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիսապետեց կարգն ոտնլուային, որուն ընթացքին, հետեւելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին, լուաց երկու միաբան հայրերու եւ տասը դպրեվանեցիներու ոտքերը։ Արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց Դպրեվանքի աշակերտները։ Աւարտին, Հայրապետը փոխանցեց օրուան խորհուրդն ու պատգամը։
Արամ Ա. Կաթողիկոս իր պատգամը սկսաւ Քրիստոսի խօսքերով. «Իմ պատուէրս է՝ որ սիրէք իրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի» (Յհ 15.12), եւ պատգամին առանցքը դարձուց աստուածային սէրը։ Ան, առաջին հերթին, բացատրեց աստուածային ու երկրաւոր սիրոյ տարբերութիւնը եւ ընդգծեց, որ Քրիստոս Ի՛նք մարդոց նկատմամբ Աստուծոյ ունեցած սիրոյն շօշափելի արտայայտութիւնն է, որովհետեւ, ինչպէս Աւետարանը կ՚ըսէ, Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, այլ խօսքով՝ մարդը, նոյնիսկ մեղանչած եւ Իրմէ հեռացած մարդը, որ Իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ մարդը ազատագրելու (հմմտ. Յհ 3.16)։ Ապա, Հայրապետը անդրադարձաւ մարդկային կեանքին մէջ սիրոյ կարեւորութեան եւ հրաւիրեց հաւատացեալները անգամ մը վերստուգելու իրենց առօրեայ կեանքը եւ անդրադառնալու, թէ նոյն սիրով կ՚ապրի՞ն իրենց կեանքը, անհատական թէ հաւաքական։ Ան ըսաւ, որ եկեղեցւոյ ճամբով, այսօր Քրիստոսի պատգամը կը հնչէ եւ պէ՛տք է հնչէ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս՝ «սիրեցէ՛ք իրար»։
Սէրը սովորական բառ, մտածում, յղացք, տեսութիւն կամ ցանկութիւն ու երազ չէ՛։ Սէրը կեանքի որակ է։ Սէրը կեանք է։ Աստուած Իր սէրը մարդուն նկատմամբ մարդեղութեան ճամբով, Իր կեանքին ճամբով, խաչին ու տառապանքին ճամբով արտայայտեց. Հետեւաբար, սէրը պէտք է դառնայ մեր կեանքին առանցքը։ «Այս արարողութեան պատգամը դարձեալ պէտք է հնչէ մեր անհատական, հաւաքական, ընտանեկան, համայնքային եւ ազգային կեանքին մէջ՝ «սիրեցէ՛ք իրար»։ Հետեւաբար, եկէք մէկդի՛ դնենք մեր տկարութիւնները ու թշնամութիւնները եւ լսենք Քրիստոսի պատգամը՝ «սիրեցէ՛ք իրար»։ Եկէք սէրը գործնապէ՛ս մեր կեանքին մէջ թարգմանենք ու ապրինք», եզրափակեց իր պատգամը Վեհափառ Հայրապետը»։
–00—ՍՊ