Վեհափառ Հայրապետը կ՚օրհնէ հաւատացեալ ժողովուրդը Քրիստոսի խաչափայտի սուրբ մասունքով

14/09/2025 19:57 Ներքին կյանք

Խաչվերացի տօնը մեզ կը հրաւիրէ խորհրդածելու խաչի խորհուրդին ու պատգամին մասին: Արդարեւ, խաչը կը կազմէ քրիստոնէական հաւատքին էութիւնը, որովհետեւ Քրիստոսի խաչը նշան է սիրոյ, զոհողութեան ու ծառայութեան՝ տագնապի, տառապանքի ու արեան ճամբով յաճախ արտայայտուող: Այսպէս եղաւ մարդուն համար խաչ բարձրացած Աստուծոյ Որդւոյն կեանքն ու առաքելութիւնը: Ա՛յս է յաւիտենական պատգամը խաչին: Քրիստոնեան կոչուած է խաչը ապրիլ իր կեանքին մէջ ու քալել խաչի ճամբով, այլ խօսքով՝ սիրոյ, զոհողութեան ու ծառայութեան ճամբէն:

— — —

* Վեհափառ Հայրապետը կ՚օրհնէ հաւատացեալ ժողովուրդը Քրիստոսի խաչափայտի սուրբ մասունքով, որ ի պահ դրուած է Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ։

–00—ՅՄ