Ավստրալիայի և Նոր Զելանդիայի հայոց թեմը իր հավատարմությունն է հայտնում Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին

28/06/2025 15:54 Ներքին կյանք

ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԵՒ ՆՈՐ ԶԵԼԱՆՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԹԵՄԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԳՈՒՄԱՐՈՒՄ․

«Առաջնորդանիստ Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ սրահին մէջ եւ առցանց, տեղի ունեցաւ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմի հերթական Թեմական պատգամաւորական ժողովը (ԹՊԺ), նախագահութեամբ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վարդան Եպս. Նաւասարդեանին, ատենապետութեամբ Տիար Արեգ Եափուճեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմի հոգեւորականաց դասուն, Թեմական խորհուրդին, թեմական համայնքներու Ծխական խորհուրդներու անդամներուն եւ դիտորդ երիտասարդաց վարչութեանց ներկայացուցիչներուն։

ԹՊԺ-ն սկսաւ աղօթքով, որմէ ետք ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը, ապա ժողովականները քննեցին եւ վաւերացուցին Թեմական Խորհուրդի միամեայ գործունէութեան (Մայիս 2024 – Մայիս 2025) և 2024 տարուան նիւթական տեղեկագիրները: Ժողովը վաւերացուց նաեւ Առաջնորդարանի 2025թ. նախահաշիւը եւ նշանակուեցաւ Հաշուեքննիչ մարմինը։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր առաջարկով և ԹՊԺ-ին հաստատմամբ Թեմական խորհուրդը մէկ տարուան ժամկէտով պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը, մինչ անդամներու հերթական ընտրութիւն։

Ժողովականները հաստատեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ 2026թ. տեղի ունեցող Եկեղեցական Ներկայացուցչական Ժողովին Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմի ներկայացուցիչներուն ու անձնափոխանորդներուն թեկնածութիւնները։

Ժողովականները իրենց խոր մտահոգութիւնը արտայայտեցին վերջին օրերուն Մայր Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Էջմիածնի դէմ հայրենի իշանութիւններու ձեռնարկած գործողութիւններուն նկատմամբ եւ հաստատեցին, որ ներկայ կացութիւնը ներքին եւ արտաքին մեծ վտանգներու դիմաց կրնայ դնել Հայաստանը՝ անդառնալի իրավիճակներու դուռ բանալով։ Անհրաժեշտ է գերագոյն ճիգ թափել առաջքը առնելու համար նման վտանգալից պայմաններու յառաջացման։ ԹՊԺ-ն կոչ ուղղեց Հայաստանի իշանութեանց ներկայացուցիչներուն անյապաղ դադրեցնել Սուրբ Էջմիածինը եւ Հայ Եկեղեցին վարկաբեկող նման տգեղ լեզուաոճով հրապարակային արտայայտութիւնները եւ անդրադառնալ մեր Եկեղեցւոյ անփոխարինելի դարաւոր դերակատարութեան մեր ազգի զաւակներուն և մեր ինքնութեան պահպանութեան առաքելութեան մէջ։ Անընդունելի է բիրտ ուժի կիրառութեամբ մուտք գործել Սուրբ Էջմիածին եւ Հայոց սրբավայրեր եւ ուժ կիրառել Եկեղեցւոյ ծառայողներուն վրայ։

Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմի հերթական Թեմական պատգամաւորական ժողովը իր հաւատարմութիւնը կ’արտայայտէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին ու Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ աղօթքով կը մաղթէ, որ շուտափոյթ լուծուին առաջացած հարցերը եւ փոխգործակցութեամբ եւ սիրոյ մթնոլորտի մէջ ամէնքս լծուինք Հայրենիքի եւ Սուրբ Եկեղեցւոյ շէնացման եւ պայծառացման աստուածահաճոյ գործին։

Դիւան Թեմական Պատգամաւորական Ժողովի»:

–00—ՅՄ