Մեր կյանքը Քրիստոսի գերեզմանից ճառագայթող հավիտենական կյանքով լցնենք․ Արամ Ա Հայրապետ
ԵՐԵՎԱՆ, ԱՊՐԻԼԻ 18, 24News

«Աւագ Ուրբաթ, 18 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը 04։00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Թաղման Կարգը, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ մեծ թիւով հաւատացեալներու, միաբան հայրերու եւ Դպրեվանքի աշակերտներու։
«Քրիստոսի գերեզմանը մահուան գերեզման չէ, այլ կեանքի գերեզման է։ Քրիստոս գերեզման իջնելով, խաչ բարձրանալով՝ յաղթեց մահուան եւ մեզի յաւետինական կեանք շնորհեց։ Հետեւբաար, եկէ՛ք մեր կեանքը Քրիստոսի խաչելութեան ու թաղման խորհուրդով լեցնենք, այլապէս մեր կեանքը պիտի դառնայ անիմաստ։ Մեր կեանքը Քրիստոսի գերեզմանէն ճառագայթող յաւիտենական կեանքով լեցնենք, որպէսզի, իբրեւ քրիստոնեաներ, քալենք այն ճամբէն, որ մեզ կը տանի դէպի յաւիտենական կեանք», ըսելով եզրափակեց Հայրապետը իր պատգամը։
–00—ՍՊ